Loading...
Larger font
Smaller font
Copy
Print
Contents
  • Results
  • Related
  • Featured
No results found for: "".
  • Weighted Relevancy
  • Content Sequence
  • Relevancy
  • Earliest First
  • Latest First
    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents

    ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

    Գիրք մը գրելը՝ դատարկութենէ աւելի անարժէք է, երբ գրուած գիրքը մարդուն բարեփոխութեան չի ծառայեր։FF 7.1

    Ճիւզեբբե ՃիւսթիFF 7.2

    Այս գրքոյկը — ճշմարի՜տ չնաշխարհիկ մարգարիտ — հայ հասարակութեան ներկայացնելով՝ իրական, հրամայողական պէտքի մը պատասխանել կը կարծենք: Անհաւատութեան և ապականութեան այս դարուն՝ զարմանալի չէ տեսնել բիւրապատկուիլը սնոտի, թունաւորիչ հրատարակութեանց որ աշխարհը կ՚ողողեն. — հրատարակութիւնք՝ որ, Եգիպտոսի պատուհաս-գորտերուն նման, ամենուրեք մուտ գտնելով՝ իրենց ապականիչ, պիղծ ազդեցութիւններն ի գործ կը ղնեն ամէն հա¬սակի և դասակարգի հէգ հոգիներու սրտերուն և մտքերուն վրայ... բայց որոնք ջնջուելո՜ւ արժանի էին սոսկ...: Երկու դասակարգ հեղի¬նակներ և հրատարակիչներ կան. — անոնք՝ որ կը ջանան ժամանակին ապականեալ ձգտումներն ու ճաշակները շոյել և շահագործել, և անոնք՝ որ կ՚ուսումնասիրեն դարուն իրական պէտքերն, անոնց գոհացում տալու համար։ Մեր հեղինակը գերագանցօրէն այս վերջին դասակարգէն է։ Ըստ մեզ՝ չկան երկասիրութիւնք ա՛յնքան կատարելապէս պատասխանող րոպէին պէտքերուն՝ որքան իր բեղուն արդարութիւնները, ընթերցողին ուշաղրութեանը ենթարկելու:FF 7.3

    Այս գրքոյկին երեւումը բարեպատեհ է. — պիտի ըսենք՝ նախախնամական է: Մենք համոզուած ենք որ եթԷ երբէք կար ատեն մը երբ այսպիսի երկասիրութեանց հրատարակումն անհրաժեշտ, կենսական պէտք մըն էր, հիմա՛, է: Անհաւատութիւնը և սկեպտիկութիւնը խռովիչ համեմատութիւններով ծաւալ կը գտնեն ժողովրդին ամէն խաւերունFF 7.4

    մէջ. և անօրէնութիւնը շատնալուն համար շատերուն սԷրը կը պաղի ...: Ամենուրեք կը տեսնենք համոզումներու տատանիլը և բարոյականութեան փճանալը: Ամբոխները կը թուին համակերպած մոլորիլ՝ մրրկածուփ ծովու մը վրայ, յորձանքերէ տարուբեր, անկողմնացո՜յց և ան¬ղե՜կ...։ Ինչքա՜ն թանկազին է, ուրեմն, այս ահաւոր վտանգի պահուն, հաւատարիմ և կարող առաջնորդ մը՝ որ ցոյց տայ ուղիղ ճամբան։FF 2.1

    Այս գրքոյկին տիտղոսը մեզի ցոյց կուտայ այղ առաջնորղը, — Յիսո՛ւսը, միակ ճշմարիտ Նաւուղիղն ու Քրկիչը, որ կարող է գոհացնել հոգիին պէտքերն, ու տարակուսողներուն և սայթաքողներուն “ոտքերը խաղաղութեան ճամբուն մէջ շիտկել։”FF 2.2

    Այս զմայլելի էջերուն մէջ՝ հեղինակը՝ Երկինքի լոյսովը ճաճանչաւոր գրչով մը՝ կը բացատրէ Քրիստոնէական հաւատքին պարզ կանոնները, զոր հասկնալ շատերու համար դժուար է տարակոյսի և սկեպտիկութեան այս դարուն:FF 2.3

    Թարգմանուած ըլլալով ուրիշ քսաներեք արեւմտեան և արեւելեան լեզուներու, այս գրքոյկն արդէն սփոփանք և յոյս է ներշնչած բազմաթիւ խռոված հոգիներու, և գերագոյն Վարդապետին հետեւողները կարողացուցած է աւելի՛ վստահաբար և աւելի՛ բերկրապատար հետեւելու իրենց աստուածային Առաջնորդին քայլերուն: Լիայոյս ենք որ՝ ան օրհնութեանց աղբիւր մը պիտի ըլլայ նաև Հայ ժողովրդին, որ իր ցաւի և սուգի այս օրերուն՝ ա՜յնքան պէտք ունի ճշմարիտ սփոփանքի և յոյսի և այն հաւատքին՝ “որ անգամ մը սուրբերուն աւանդուեցաւ։”FF 2.4

    ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉՔ

    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents