Loading...
Larger font
Smaller font
Copy
Print
Contents
  • Results
  • Related
  • Featured
No results found for: "".
  • Weighted Relevancy
  • Content Sequence
  • Relevancy
  • Earliest First
  • Latest First
    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents

    ՈՒՐԱԽ ԸԼԼԱԼ ՏԷՐՈՋՄՈՎ

    Աստուծոյ զաւակները կոչուած են Քրիստոսի ներկայացուցիչներն ըլլալ, Տէրոջը բարութիւնն ու ողորմութիւնը ցոյց տալով աշխարհի: Ինչպէս որ Յիսուս Հօրը ճշմարիտ նկարագիրը մեզի յայտնեց, այնպէս և մենք պարտինք զԻնքը ներկայացնել ամէն անոնց որ չեն ճանչնար Անոր գողտր և գորովագութ սէրը: “Ինչպէս Դուն զԻս աշխարհ ղրկեցիր,” կ՚ըսէ Յիսուս, “Ես ալ զանոնք աշխարհ ղրկեցի:” “Ես անոնց մէջ և դուն Իմ մէջս,... որպէս զի աշխարհ գիտնայ որ Դուն զԻս ղրկեցիր:” Յովհ. ԺԷ. 18, 23: Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ Յիսուսի աշակերտներուն, “Դուք յայտնապէս Քրիստոսի թուղթն էք, ճանչցուած ու կարդուած ամէն մարդոցմէ:” Բ Կոր. Գ. 3, 2: Քրիստոսի զաւակներուն իւրաքանչիւրը կենդանի նամակ մըն է՝ Անոր կողմէն աշխարհի ղրկուած: Եթէ Քրիստոսի հետեւող մ՚ես դուն, Ան քեզ իբր նամակ մը կը ղրկէ ընտանիքիդ, գիւղը, փողոցը, ու կը բնակիս: Յիսուս՝ քու մէջդ բնակելով՝ կը ցանկայ խօսիլ սրտերուն անոնց որ դեռ չեն ճանչցած զԻնքը: Թերեւս Ս. Գիրքը չեն կարդար անոնք՝ կամ չեն լսեր ձայնը որ իրենց կը խօսի անոր սուրբ էջերուն մէջ: Աստուծոյ սէրը չեն տեսներ Իր գործերուն մէջ: Բայց եթէ Քրիստոսի մէկ ճշմարիտ ներկայացուցիչն ես դուն, կարելի է որ քու միջոցովդ առաջնորդուին բան մը սորվելու Անոր բարութեանը մասին, զԱնի սիրելու և ծառայելու Անոր:FF 127.1

    Քրիստոնեայք իբր փարոսներ զետեղուած են դէպ երկինք տանող ճամբուն վրայ: Անոնք պարտին աշխարհի վրայ ցոլացնել լոյսը զոր կը ստանան Քրիստոսէն: Իրենց կեանքն ու նկարագիրը պէտք է այնպէս ըլլան որ՝ այլք անոնց միջոցով ուղիղ գաղափար մը կազմեն Քրիստոսի և Իր ծառայութեանը մասին:FF 128.1

    Եթէ ճշմարտապէս կը ներկայացնենք Քրիստոսը, Իր ծառայութիւնը պիտի հրապուրիչ դարձնենք, ինչպէս որ է իրօք: Այն Քրիստոնեայք որ տխրութեամբ և սուգով կը համակեն իրենց հոգիները, և կը տրտնջեն ու կը գանգատին, Աստուծոյ և Քրիստոնէավայել կեանքի մասին սխալ գաղափար կազմել կուտան իրենց նմաններուն: Անոնք խորհիլ կուտան թէ Աստուած չուզեր որ Իր զաւակները երջանիկ ըլլան. և ատով՝ ծուռ վկայութիւն կուտան մեր երկնաւոր Հօրը դէմ:FF 128.2

    Սատանան կը ցնծայ՝ երբ կարենայ անհաւատութեան և անյուսութեան մղել Աստուծոյ զաւակները: Ան ուրախ կ՚ըլլայ՝ երբ տեսնէ որ չենք վստահիր Աստուծոյ, տարակուսելով Անոր մեզ փրկելու կարողութենէն և յօժարութենէն: Կը սիրէ մեզի հաւտացնել թէ Տէրը Իր նախախնամութեամբը մեզի չարիք պիտի ընէ: Ա՛ն է որ զԱստուած մեզի կը ներկայացնէ իբր անգութ և անկարեկիր, Անոր նկատմամբ ճշմարտութիւնը խեղաթիւրելով, ու մարդոց մտքերը սխալ գաղափարներով լեցնելով. ու փոխանակ մեր երկնաւոր Հօրը մասին ճշմարտութիւնը մտածելու, շատ յաճախ Սատանային խեղաթիւրումներուն վրայ կը սեւեռենք մեր մտքերը, և զԱստուած կ՚անպատուենք՝ Անոր չվստահելով և Իրեն դէմ տրտնջելով: Սատանան միշտ կը ջանայ տրտմագին բան մը դարձնել կրօնական կեանքը, ցանկալով տաժանելի և դժուարին երեւցնել զայն. ու երբ Քրիստոնեան իր կեանքին մէջ այսպէս ներկայացնէ կրօնքը, իր անհաւատութեամբը Սատանային ստապատիր խաբէութիւնը հաստատած կ՚առնեն իրենց սխալմունքներուն, թերութիւններուն և յուսախաբութեանցը վրայ, ու սրտերնին տխրութիւնով և յուսահատութեամբ կը համակուին: Եւրոպա գտնուած միջոցիս, քոյր մը՝ որ այս վիճակին էր մատնուած, և որ քանի մը խրախուսիչ խօսք գրեմ իրեն: Էնոր նամակը կարդալէս վերջ՝ գիշերը երազեցի որ պարտէզի մը մէջ կը գտնուէի, ու մէկը՝ որ պարտէզին տէրն ըլլալ կը թուէր, զիս անոր ճամբարներուն մէջէն կ՚առաջնորդէ՛ր: Ես ծաղիկներ քաղելով՝ անոնց անուշ հոտը կը վայելէի, երբ՝ յիշեալ քոյրը, որ քովս ի վեր կը քալէր ուշադրութիւնս դարձուց քանի մը տգեղ փուշերու որոնք իր յառաջանալուն արգելք կ՚ըլլային, ու այդ պատճառով կ՚ողբար ու կը մորմոքէր: Ճամբուն մէջէն չէր քալեր էնի, առաջնորդին հետեւելով, այլ փուշերուն և տատասկներուն մէջէն:FF 128.3

    “Ո՜հ,” հառաջեց, “մեղք չէ՞ որ այս գեղեցիկ պարտէզն այսպէս աւրուած ըլլայ:” Այն ատեն առաջնորդն ըսաւ, “Տատասկները թո՛ղ տուր, քանզի անսնք պիտի լո՛կ քեզ վիրաւորեն: Դուն վարդերը, շուշաններն ու շահոքրամները քաղէ:” Քորձառութեանդ մէջ չե՞ս ունեցած փայլուն կէտեր: Չե՞ս ունեցած թանկագին պահեր՝ երբ սիրտդ ուրախութեամբ կը բաբախէր Աստուծոյ Հոգիին ազդեցութեանը տակ: Երբ անցեալ կեանքիդ փորձառական գլուխներուն ակնարկ մը նետես, չե՞ս գտներ միթէ ուրախալի էջեր: Աստուծոյ խոստումները՝ անուշաբոյր ծաղիկներու նման՝ չե՞ն փթթիր երկուստեք ճամբուդ վրայ: Ինչո՞ւ չթողուս որ անոնց գեղն ու քաղցր բոյրը ուրախութեամբ համակեն սիրտդ:FF 130.1

    Քուշերն ու տատասկները պիտի լո՛կ քեզ վիրաւորեն ու ցաւցնեն. ու երբ միայն ատոնք քաղես, և այլոց ներկայացնես զանոնք, դուն ինքդ Աստուծոյ բարութիւնը արհամարհելէ ի զատ քու շուրջդ գտնուողները չե՞ս արգիլեր միթէ կենաց ճամբուն մէջ քալելէ:FF 130.2

    Խելացութիւն չէ մեր անցեալ կեանքին բոլոր անհա- ճոյ յիշատակները վերյիշել, — անոր անօրէնութիւնները և յուսախաբութիւնները, և այլն. — անոնց վրայ խօսիլ ու ողբալ՝ մինչև որ ա՛լ անյոյս ընկճուինք: Յուսահատ հոգին խաւարով լեցուն է. ան իրմէ կը վանէ Աստուծոյ լոյսը, և ստուեր կը ձգէ այլոց ճամբուն վրայ:FF 130.3

    Գոհութի՜ւն Աստուծոյ բոլոր փայլուն պատկերներուն համար զոր Ան ներկայացուցած է մեզի: Ժողվե՛նք ուրեմն Անոր սիրոյն օրհնեալ գրաւականները, որպէս զի կարող ըլլանք յարաժամ նայիլ անոնց վրայ: — Աստուածորդին՝ որ կը թողու Իր Հօրը աթոռը, Իր աստուածութիւնը զգեստաւորելով մարդկութեամբ, որպէս զի կարենար մարդը փրկել Սատանային իշխանութենէն. Անոր յաղթանակը՝ ի նպաստ մեզի, երկինքը բանալով մարդուն առջև, երեւան հանելով անոր այն տեղն ուր Աստուածութիւնը Իր փառքը կը յայտնէ. անկեալ մարդկութիւնը՝ որ կը բարձրանայ կործանման անդունդէն որուն մէջ մեղքը ձգեց զայն, և անհուն Աստուծոյն հետ վերստին յարաբերութեան մէջ կը դրուի, ու տոկալով աստուածային փորձին՝ Քրկչին հաւատքով, Քրիստոսի արդարութիւնը կը զգենու, և Անոր աթոռը կը բարձ - րանայ — ահա՛ պատկերները զոր Աստուած կ՚ուզէ որ նկատենք:FF 131.1

    Երբ թուինք տարակուսիլ Աստուծոյ սէրէն և կասկածիլ Իր խոստումներէն, կ՚անպատուենք զԱնի, և կը տխրեցնենք Իր Ս. Հոգին: Ի՞նչ պիտի զգար մայր մը՝ եթէ իր զաւակները միշտ գանգատէին էնոր մասին, որպէս թէ ինք աղէկութիւն չի կամենար իրենց, մինչդեռ էնոր բովանդակ կեանքին նպատակն է եղեր անոնց օգտին և բարօրութեանն աշխատիլ: Ենթադրէ՛ որ անոնք տարակուսին էնոր սէրէն. ո՞չ ապաքէն պիտի տխրի իր սիրտը: Ի՞նչ պիտի զգան ծնողքներ՝ երբ զաւկներնին այսպէս վարուին իրենց հետ: Ու մեր երկնաւոր Հայրը ի՞նչպէս կրնայ նայիլ մեզի, երբ տարակուսինք Իր սէրէն որ մղեց զԻնքը Իր միածին Որդին տալու՝ որպէս զի մենք կեանք ունենանք: Առաքեալը կը գրէ, “Ան որ Իր Որդւոյն չխնայեց, այլ մեր ամենուն համար մատնեց զԱնիկա, ի՞նչպէս Անոր հետ ամէն բաները մեզի չի պարգեւեր:” Եւ սակայն քանի՜ քանիներ՝ իրենց գործքով՝ եթէ ոչ խօսքով՝ կ՚ըսեն, “Տէրը ինծի համար ըսել չուզեր զայդ: Թերեւս ուրիշները կը սիրէ, բայց ոչ զիս:FF 132.1

    Այս բոլորը կը վնասէ քու հոգիիդ. քանզի իւրաքանչիւր տարակոյս զոր կ՚արտաբերես, թշնամիին փոձութիւնները կը հրաւիրէ. երկմտելու ձգտումը կը զօրացնէ քու մէջդ, ու քեզմէ տրտմեցնելով կը հեռացնէ սպասաւորող հրեշտակները: Երբ Սատանան քեզ փորձէ, տարակոյսի կամ անյուսութեան բա՛ռ մ՚իսկ մի՛ հաներ բերնէդ: Անոր թելադրութիւններուն մի՛ անսար, որպէս զի միտքդ անվստահութեամբ և ապստամբական տարակոյսներով չհամակուի: Եթէ զգացումներդ արտայայ- տես դուն, իւրաքանչիւր տարակոյս զոր կ՚արտաբերես, ոչ միայն քեզի կ՚անդրադառնայ, այլ և սերմ մը կ՚ըլլայ, որ կը բողբոջի և կը պտղաբերի այլոց կեանքին մէջ, և գուցէ անկարելի կ՚ըլլայ խօսքերուդ ազդեցութիւնը չեզոքացնել: Դուն թերեւս կարենաս Սատանային փորձութենէն և որոգայթէն ազատիլ, բայց այլք, որ քեզմէ ազդուեր էին, գուցէ կարող չըլլան քու թելադրած անհաւատութենէդ պրծիլ: Արդ, ի՛նչքան կարեւոր է՝ հոգեւոր զօրութիւն և կեանք տուող բաներ միայն խօսիլ:FF 132.2

    Հրեշտակները ուշադիր կ՚ըլլան լսելու ի՛նչ տեսակ վկայութիւն պիտի տաս դուն աշխարհի՝ երկնաւոր Տէրոջդ նկատմամբ: Թող քու խօսակցութիւնդ ըլլայ Անո՛ր մասին որ կենդանի է՝ քեզի համար բարեխօս ըլլալու Աստուծոյ առջեւը: Երբ բարեկամի մը ձեռքը սեղմես, թող Անոր գովութիւնը շրթներուդ վրայ ըլլայ, ու սրտիդ մէջ ալ: Ասի իր մտածումները պիտի Յիսուսի վրայ դարձընէ: FF 133.1

    Ամէն մարդ վիշտեր ունի. անտանելի ցաւեր, անդիմադրելի փոր-FF 133.2

    ձութիւններ: Մահկանացու նմաններուդ մի՛ ըսեր նեղութիւններդ, այլ ամէն ինչ աղօթքով Աստուծո՛յ տար: Կանո՛ն ըրէ բնաւ չարտաբերել խօ՛սք մ ՚իսկ տարակոյսի կամ յուսհատութեան: Շատ բան կրնաս ընել դուն՝ այլոց կեանքը գեղեցկացնելու և իրենց ջանքերը խրախուսելու համար՝ յուսատու խօսքերով և սուրբ զուարթութեամբ:FF 134.1

    Շատ մը ազնիւ հոգիներ կան՝ փորձութենէ ծանրապէս ճնշուած, գրեթէ ընկճուելու մօտ՝ իրենց եսին և չարին զօրութեանցը դէմ պայքարելու մէջ: Մի՛ յուսահատեցներ այդպիսիները իրենց տաժանելի պայքարին մէջ, այլ քաջալերէ՛ զանոնք՝ խրախուսիչ, յուսատու խօսքերով, որպէս զի իրենց ճամբուն մէջ յառաջ մղուին անոնք: Ահա՛ այս կերպով է որ Քրիստոսի լոյսը կրնայ քեզմէ ճառագայթել: “Մեզմէ մէկը իրեն համար չ՚ապրիր:” Հռովմ. ԺԴ. 7: Մեր անգիտակից ազդեցութեամբը այլք կրնան խրախուսիլ և զօրանալ, կամ վհատիլ և հեռանալ Քրիստոսէն և ճշմարտութենէն:FF 134.2

    Շատեր կան որ սխալ գաղափար ունեն Քրիստոսի կեանքին և նկարագրին վրայ: Կը կարծեն թէ Ան զուրկ էր չէնշող բնաւորութենէ, և թէ խստաբարոյ էր և անզուարթ: Բազմաթիւն պարագայից մէջ՝ բովանդակ կրօնական փորձառութիւնը այս մութ գոյներով է որ կը նկարուի...: FF 134.3

    Յաճախ կ՚ըսուի թէ Յիսուս կուլար, այլ չգիտցուիր թէ Ան երբէք ժպտած ըլլայ: Մեր Քրկիչը արդարև վիշտերու մարդ մը եղաւ՝ ու ցաւերու տեղեակ, քանզի Ան մարդոց բոլոր տառապանքներուն կը բանար Իր սիրտը: Բայց, թէպէտ անձնուրաց եղաւ Իր կեանքը, ցաւով և հնհնուքով մթագնած, Անոր ոգին լքուած չէր: Իր դէմքը դժգոհութիւն և տրտունջ չէր արտայայտեր, այլ միշտ խաղաղաւէտ հանդարտութիւն մը: Անոր սիրտը աղբիւր մըն էր կեանքի, և ուր որ կ՚երթար Ան, Իր հետ կը տանէր խաղաղութիւն և հանգիստ, ուրախութիւն և երջանկութիւն:FF 134.4

    Մեր Քրկիչը խորապէս լրջախոհ էր, այլ երբէ՛ք տխուր և խոժոռադէմ: Անոր նմանողները պէտք է լուրջ նպատակով տոգորուին և անհատական պատասխանատուութեան խորին զգացում մը ունենա: Ամէն թեթեւամտութիւն պիտի զսպուի, և աղմկալից ցնծութիւն ու կոպիտ կատակաբանութիւններ պիտի վերջ գտնեն իրենց քով: Քրիստոսի կրօնքը մարդոց կը պարգեւէ խաղաղութիւն մը՝ գետի նման: Ան չի մարեր ուրախութեան լոյսը, չ՚արգիլեր զուարթութիւնը, ոչ ալ պայծառ և զուարթ դէմքը կը մթագնէ: Քրիստոս չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու, և երբ Անոր սէրը թագաւորէ մեր սրտին մէջ, պիտի Իր օրինակին հետեւինք մենք:FF 135.1

    Եթէ մեր մտքերուն մէջ առաջին տեղը այլոց անազնիւ և անիրաւ արարքներուն տանք, պիտի տեսնենք որ մեզի անհնար պիտի ըլլայ սիրել զանոնք ինչպէս Քրիստոս մեզ սիրեց. բայց եթէ մեր մտածումները հանգչին Անոր զարմանալի սիրոյն և կարեկցութեանը վրայ, պիտի միեւնոյն ոգին ցոյց տանք այլոց հանդէպ: Պարտինք փոխադարձաբար յարգել և սիրել զիրար հակառակ այն յանցանքներուն և թերութեանց զոր չենք կարող չը տեսնել: Պէտք է խոնարհութիւն և ոչ-ինքնավստահութիւն մշակել՝ ինչպէս և համբերատար քաղցրութիւն՝ այլոց յանցանքներուն հանդէպ: Ասի պիտի մէր մէջէն արմատախիլ ընէ ամէն ան- ձուկ եսասիրութիւն, և մեզ լայնոգի և վեհանձն կացուցանէ: FF 135.2

    Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ, “Տէ՛րոջը յուսա, և բարութի՛ւն ըրէ, երկրի վրա՛յ բնակէ, ու ճշմարտութեան մէ՛ջ արածուէ:” Սաղմ. ԼԷ. 3: “Տէրո՛ջը յուսա:” Իւրաքանչիւր օր իր ծանրութիւններն ունի, իր հոգերն ու իր անձկութիւնները, ու ո՛րքան հակամէտ ենք՝ իրարու հանդիպած ատեննիս՝ մեր դժուարութիւններուն և ձախորդութեանցը մասին խօսելու: Ա՜յնքան փոխ առնուած դժուարութիւններ կը խօսինք, ա՜յնքան վախեր կը յայտնենք, որ մեզ մտիկ ընողները պիտի ենթադրեն թէ չունինք կարեկից, սիրալիր Քրկիչ մը, կազմ և պատրաստ՝ լսելու մեր բոլոր աղերսները, և նեղութիւններու մէջ խիստ օգնական գտնուելու:FF 136.1

    Կան մարդիկ որ միշտ ահուդողի մէջ են՝ և տխուր բաներ կը հաւաքեն: Ամէն օր շրջապատուած են անոնք Աստուծոյ սիրոյն ապացոյցներովը. ամէն օր Անոր նախախնամութեանն առատաձեռնութիւնները կը վայելեն. բայց այս ներկայ օրհնութիւնները կ՚անտեսեն: Անոնց մտածումները շարունակ կը սեւեռին անախորժ բանի մը վրայ՝ որ կը վախնան թէ կրնայ գալ. կամ դժուարութիւն մը կարենայ իրօք գոյութիւն ունենալ, որ, թէպէտ աննշան, կը կուրցնէ աչքերնին, այնպէս որ չեն տեսներ խել մը երախտագիտութեան արժանի բաներ: Անոնց հանդիպած դժուարութիւնները, փոխանակ զիրենք մղելու դէպ Աստուած՝ որ իրենց օգնութեան միակ աղբիւրն է, զիրենք կը բաժնեն Անկէ, քանզի անստուգութիւն և տրտունջ կը ծնուցանեն:FF 136.2

    Այսպէս անհաւատ ըլլալով աղէ՞կ կ՚ընենք: Ինչո՞ւ ապերախտ և կասկածոտ ըլլանք: Յիսուս մեր բարեկամն է. բովանդակ Երկինք մեր բարելաւութեանը հոգ կը տանի: Պէտք չէ թոյլ տանք որ ամենօրեայ կեանքի տարտամութիւններ և դժուարութիւններ մեր միտքը պաշարեն և մեր ճակատը մթագնեն: Եթէ ընենք զայդ, պիտի միշտ նեղացուցիչ և ձանձրացուցիչ բան մ՚ունենանք: Պէտք չէ անձնատուր ըլլալ մտահոգութեան մը որ միայն կ՚ուտէ ու կը մաշեցնէ մեզ, բայց որ չ՚օգներ մեզի մեր փորձութիւնները տանելու:FF 136.3

    Կրնաս շուարումներ ունենալ գործառնութեանցդ մէջ. յոյսերդ կրնան նսեմանալ հետզհետէ, և մեծ վնասներ թերեւս սպառնան քեզի. բայց մի՛ յուսահատիր դուն. բոլոր հոգդ Աստուծոյ վրայ ձգէ՛, և հանդարտ ու զուարթ եղի՛ր: Աստուծմէ իմաստութիւն խնդրէ՝ գործերդ խոհեմութեամբ վարելու համար, ու այսպէս՝ կորուստէ և ձախողուածէ զերծ կ՚ըլլաս: Ձեռքէդ եկածը ըրէ՛ յաջողութեամբ ի գլուխ հանելու համար ձեռնարկներդ: Յիսուս Իր օգնութիւնը խոստացեր է մեզի, բայց ոչ առանց մեր գործակցութեան: Երբ, մեր Օգնականին վստահելով, ձեռքէդ եկածն ըրիր, ուրախութեամբ ընդունէ՛ յառաջ գալիք արդիւնքը:FF 137.1

    Աստուծոյ կամքը չէ որ Իր զաւակները նեղութիւններով բեռնաւորուին: Բայց Տէրը չի խաբեր մեզ: Չ՚ըսեր մեզի, “Մի՛ վախնաք, ձեր ճամբուն մէջ վտանգ չկայ:” Ան գիտէ թէ նեղութիւններ և վտանգներ կը սպասեն մեզի, և որոշակի կը վարուի մեզի հետ: Չի մտադրեր Իր ժողովուրդը վերցնել այս մեղաւոր և ապականեալ աշխարհէն, այլ ապահով ապաւէն մը ցոյց կուտայ անոր: Իր աշակերտներուն համար Քրկչին աղօթքն էր՝ “Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, այլ զանոնք չարէն պահես:” “Աշխարհի մէջ,” կ՚ըսէ, “նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասիրտ եղէ՛ք, Ես աշխարհին յաղթեցի:” Յովհ. ԺԷ. 15. ԺԶ. 33:FF 137.2

    Լերան վրայ խօսած Իր քարոզին մէջ՝ Յիսուս թանկագին դասեր սորվեցուց Իր աշակերտներուն՝ Աստուծոյ ապաւինելու պէտքին նկատմամբ: Այդ դասերը նպատակ ունէին քաջալերելու Աստուծոյ զաւակները բոլոր դարերու մէջ, ու մինչև մեզի կը հասնին անոնք, մեզ խրատելու և սփոփելու համար: Քրկիչը Իր աշակերտներուն ուշադրութիւնը կը դարձնէ երկինքի թռչուններուն որ իրենց գոհաբանական երգերը կը ճռուողեն՝ առանց հոգ ընելու պէտքերնուն համար, քանզի “ոչ կը ցանեն և ոչ կը հնձեն,” և սակայն՝ երկնաւոր մեծ Հայրը անոնց պիտոյքները կը հոգայ: Քրկիչը կը հարցնէ, “Չէ՞ որ անոնցմէ լաւ էք դուք:” Մատթ. Զ. 26:FF 138.1

    Մարդոց և անասնոց մեծ Մատակարարը Իր ձեռքը կը բանայ և բոլոր արարածոց պիտոյքները կը հայթայթէ: Երկինքի թռչունները Անոր ուշադրութենէն չեն վրիպիր: Ան կերակուրը անոնց կտուցին մէջ չի նետեր, սակայն պաշար կը հայթայթէ պէտքերնուն համար: Անոնք պարտին ժողվիլ հատիկները զոր Ան սփռեր է իրենց համար: Պէտք է նիւթեղէն ճարեն բոյներնուն համար, և ձագերնին կերակրեն: Աշխատելու կ՚երթան անոնք՝ երգելով, քանզի “ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք:” Ու “չէ՞ որ դուք անոնցմէ լաւ էք:” Իբր իմացական, հոգեւոր երկրպագուներ երկինքի թռչուններէն աւելի չե՞նք արժեր: Մեր էութեան Հեղինակը, մեր կեանքին Պահապանը, Ան որ Իր պատկերին պէս ստեղծեց մեզ, պիտի չհայթայթէ՞ մեր պիտոյքներն եթէ միայն Իրեն յուսանք:FF 138.2

    Քրիստոս Իր աշակերտներուն ուշադրութիւնը կը դարձնէ դաշտի ծաղիկներուն՝ որոնք առատօրէն կ՚աճին, պճնուած պարզունակ գեղեցկութեամբ զոր երկնաւոր Հայրը տուած է անոնց, իբր արտայայտութիւն առ մարդն ունեցած Իր սիրոյն: “Նայեցէ՛ք դաշտի շուշաններուն, ի՛նչպես կ՚աճին:” Այդ բնական ծաղիկներուն գեղն ու պարզութիւնը մեծապէս կը գերազանցեն Սողոմոնի փառաւորութիւնը: Արուեստի ճարտարութեան ամենէն փառաւոր հանդերձներ չեն կարող բաղդատութեան դրուիլ Աստուծոյ արարչութեան ծաղիկներուն բնական շնորհքին և հրաշալի գեղեցկութեանը հետ: Ու Յիսուս կը հարցնէ, “Եթէ դաշտի խոտը՝ որ այսօր կայ և վաղը փուռը կը ձգուի, Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, հապա ո՜րչափ աւելի ձեզ՝ թե՛րահաւտներ:” Մատթ. Զ. 28, 30: Եթէ Տէրը՝ աստուածային արուեստագէտը՝ հազիւ մէկ օրուան կեանք ունեցող այդ քնքուշ ծաղիկներուն՝ փափկիկ, պէսպէս գոյներ կուտայ, հապա ո՜րքան աւելի մեծ հոգ պիտի տանի անոնց համար որ Իր պատկերին պէս են ստեղծուած: Յիսուսի այս դասը յանդիմանութիւն մըն է՝ ուղղուած անհաւատ սրտերու վարանոտ մտահոգութիւններուն, տարտամութիւններուն և տարակուսանացը:FF 138.3

    Տէրը կ՚ուզէ որ Իր բոլոր տղաքներն ու աղջիկները երջանիկ, հանդարտ և հնազանդ ըլլան: Յիսուս կ՚ըսէ, “Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, չէ թէ ինչպէս աշխարհս կուտայ՝ Ես ձեզի կուտամ. սրտերնիդ չխռովի ու չվախնայ:” “Այս բաները ձեզի խօսեցայ որ Իմ ուրախութիւնս ձեր մէջը մնայ, ու ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ:” Յովհ. ԺԴ. 27. ԺԵ. 11:FF 139.1

    Պարտականութեան շաւղէն դուրս՝ եսասիրական շարժառիթներով փնտռուած երջանկութիւնը՝ անհաւա սարակշիռ, տենդոտ և խաբուսիկ է ան կը ցնդի կ՚երթայ՝ և հոգին կը մնայ առանձին ու տխուր. սակայն ուրախութիւն և գոհունակութիւն կայ Աստուծոյ ծառայութեանը մէջ: Քրիստոնեան անստոյգ ճամբաներու մէջ չի թողուիր ունայն մորմոքներու և յուսախաբութեանց չի լքուիր ան: Եթէ այս կեանքին հաճոյքները չվայելենք, կրնանք միշտ երջանիկ ըլլալ՝ հանդերձեալ կեանքին նայելով:FF 139.2

    Բայց նո՛յն իսկ հոս՝ Քրիստոնեայք կարող են Քրիստոսի հետ հաղորդ ըլլալու ուրախութիւնը վայելել և Անոր սիրոյն լոյսը և Իր ներկայութեանը սփոփանքն ունենալ Մեր կեանքին մէջ իւրաքանչիւր քայլ կրնայ մեզ աւելի՛ մօտեցնել Յիսուսի, և մեզի տալ աւելի խորուն մէկ փորձառութիւնն Իր սիրոյն, և քայլ մըն ալ աւելի մօտեցնել մեզ խաղաղութեան բնակարանին: Ուստի չձգենք մեր վստահութիւնը, այլ հաստատուն ապահովութիւն ունենանք, աւելի՛ հաստատուն քան երբէք: “Տէրը մինչև հոս մեզի օգնեց” (Ա Թագ. Է. 12), ու մինչև վերջը պիտի օգնէ մեզի: Դարձնենք մեր ակնարկը դէպ ի յիշատակարան-կոթողները՝ որոնք մեզի կը յիշեցնեն ինչ որ Տէրը ըրաւ՝ մեզ սփոփելու և փրկելու համար կործանիչին ձեռքէն: Մեր յիշողութեանը մէջ թարմ պահենք բոլոր գթած ողորմութիւնները զոր Աստուած ցուցուց մեզի, — արցունքներ՝ զոր Ան սրբեց, ցաւեր՝ զոր ամոքեց անձկութիւններ՝ զոր փարատեց, վախեր՝ զոր ցրուեց, պիտոյքներ՝ զոր հայթայթեց, օրհնութիւննր՝ զոր սփռեց, — ու այսպէս՝ ինքզինքնիս զօրացնենք բոլոր այն նեղութիւններուն համար որոնք կրնան գալ մեր պանդխտութեանը մնացեալ մասին մէջ:FF 140.1

    Դէպ առաջ նայելով՝ չենք կարող չը տեսնել գալիքFF 140.2

    պայքարներու մէջ նոր վարանումներ, սակայն կրնանք դէպ ի անցեալն ինչպէս դէպ ի ապագան նայիլ՝ և ըսել, “Մինչև հոս Տէրը օգնեց մեզի:” “Քու ուժդ քու օրերուդ չափ ըլլայ:” Բ Օր. ԼԳ. 25: Նեղութիւնները մեզի տրուելիք զօրութեան չափը պիտի չանցնին՝ զանոնք տանելու համար: Ապա ուրեմն՝ մեր գործին ձեռնարկենք ուր որ գտնենք զայն, հաւատալով թէ ինչ որ ալ պատահի, փորձութեան համեմատական ուժ պիտի տրուի:FF 141

    Եւ շուտով՝ երկինքին դռները պիտի լայն բացուին Աստուծոյ զաւակներուն առջև: Յայնժամ փառաց Թագաւորին շրթներէն սա օրհնութիւնը անոնց ականջներուն պիտի հնչէ՝ ամենաքաղցր երաժշտութեան նման, “Եկէ՛ք Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէ՛ք:” Մատթ. ԻԵ. 34:FF 141.1

    Այն ատեն՝ փրկուածները պիտի ընդունուին այն բնակարաններուն մէջ զոր Յիսուս անոնց պատրաստելու գնաց: Հոն՝ անոնց ընկերները այս երկրին անարգները պիտի չըլլան, այսինքն՝ ստախօսներ, կռապաշտներ, պիղծեր և անհաւատներ, այլ պիտի ընկերանան անո՛նց հետ որ յաղթեցին Սատանային, և որոնք աստուածային շնորհքով կատարեալ նկարագիրներ կազմեցին: Ամէն մեղապարտ ձգտում, ամէն անկատարութիւն՝ որ զանոնք կը նեղէ հոս, պիտի մաքրուած ըլլայ Քրիստոսի արիւնովը. և Անոր փառքին վսեմութիւնն ու լուսաւորութիւնը, արեւուն լուսաւորութենէն աւելի, պիտի հաղորդուին իրենց: Ու բարոյական գեղեցկութիւնը, Անոր նկարագրին կատարելութիւնը՝ պիտի անոնցմէ ճառագայթեն աւելի՛ գերազանցօրէն քան իրենց արտաքին փառաւորութիւնը: Մեծ ճերմակ աթոռին առջև պիտիFF 141.2

    երեւան անոնք՝ անարատ, մասնակից ըլլալով հրեշտակաց պատւոյն ու առանձնաշնորհումներուն:FF 142

    Այդ փառաւոր ժառանգութեանը համար զոր կրնայ ձեռք ձգել, “իր անձին փոխարէն ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ:” Մատթ. ԺԶ. 26: Կրնայ աղքատ ըլլալ, և սակայն իր մէջ կ՚ունենայ հարստութիւն մը և արժանաւորութիւն մը զոր աշխարհ չէր կարող երբէք տալ: Մեղքէն փրկուած և մաքրուած հոգին, Աստուծոյ ծառայութեանը նուիրուած իր բոլոր կարողութիւններովը, գերազանց արժէք ունի: Ու երկինքին մէջ՝ Աստուծոյ և հրեշտակներուն առջեւը ուրախութիւն կ՚ըլլայ երբ հոգի մը կը փրկուի. ուրախութիւն մը՝ որ կ՚արտայայտուի սուրբ յաղթանակի երգերով:FF 142.1

    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents