Loading...
Larger font
Smaller font
Copy
Print
Contents
  • Results
  • Related
  • Featured
No results found for: "".
  • Weighted Relevancy
  • Content Sequence
  • Relevancy
  • Earliest First
  • Latest First
    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents

    Գլուխ 6—ԳՐԳՌԻՉՆԵՐ ԵՒ ԹՄՐԵՑՈՒՑԻՉՆԵՐ

    Գրգռիչներու եւ թմրեցուցիչներու գլխուն մէջ դասաւորուած է մեծ զանազանութիւն մը վաճառքներու, ընդհանրապէս գործածուած իբրեւ ուտելիք կամ խմելիք, որոնք կը բորբոքեն ստամոքսը, կը թունաւորեն արիւնը, եւ կը գրգռեն ջիղերը: Անոնց գործածութիւնը ստոյգ չարիք մըն է: Մարդիկ գրգռիչներ կը փնտրեն որովհետեւ, ժամանակի մը համար, հետեւանքները հաճելի են: Բայց միշտ հակազդեցութիւն մը կայ: Անբնական գրգռիչներու գործածութիւնը միշտ չափազանցութեան կը միտի, եւ գործօն ազդակ մըն է որ յառաջ կը բերէ այլասերում եւ քայքայլում: ԼԱ 52.1

    Ներկայ արագութեան դարուս մէջ ուտելիքը որքան նուազ գրգռիչ ըլլայ, այնքան լաւ է: Համեմները իրենց բնութեան մէջ վնասակար են: Մանանեխ, պղպեղ, զանազան համեմներ, թթուաշներ եւ նմանօրինակ ուրիշ բաներ, կը գրգռեն ստամոքսը եւ արիւնը կ’ընեն հրատապ եւ անմաքուր: Գինեմոլին ստամոքսին բորբոքած վիճակը յաճախ կը նկատուի իբր պատկերացում մը ալգօլաւոր ըմպելիներու արդիւնքին: Նման բորբոքած վիճակ մը յառաջ կու գայ գրգռիչ համեմներու գործածութեամբ: Քիչ ատենէն սովորական կերակուրը չի գոհացներ ախորժակը:Մարմինը կարօտութիւն մը կը զգայ, մարմաջ մը,աւելի գրգռիչ բանի մը համար: ԼԱ 52.2

    Թէյը կը գործէ իբրեւ գրգռիչ, եւ, որոշ չափով թունաւորում յառաջ կը բերէ: Սուրճին եւ շատ ուրիշ ժողովրդական ըմպելիներու ազդեցութիւնը նոյն է: Առաջին արդիւնքը զուարթացուցիչ է: Ստամոքսի ջիղերը կ’ոգե- ւորուին եւ գրգռութիւնը կը տանին ուղեղին, եւ այս ալ իր կարգին կ’ոգեւորի յարաճուն գործունէութիւն պատճառելով սիրտին եւ կարճատեւ կորով մը բոլոր գրութեան: Յոգնութիւնը կը մոռցուի, զօրութիւնը կը թուի աճիլ: Իմացականութիւնը կ’ոգեւորի, երեւակայութիւնը կը դառնայ աւելի աշխոյժ:ԼԱ 52.3

    Այս արդիւնքներուն պատճառաւ շատեր կ’ենթադրեն թէ` թէյն ու սուրճը մեծ բարիք կ’ընեն իրենց: Բայց ասիկա սխալ է: Թէյն ու սուրճը չեն սնուցաներ կազմուածքը: Անոնց ազդեցութիւնը յառաջ կու գայ մարսողութեան եւ իւրացման համար պէտք եղած ժամանակէն առաջ, եւ ինչ որ զօրութիւն կը թուի, միայն ջղայն գրդռութիւն մըն է: Երբ գրգռիչին ազդեցութիւնը վերջ գտնէ, անոր տուած անբնական ոյժը կը նուազի, եւ արդիւնքը կ’ըլլայ համապատասխան աստիճանով թուլութիւն եւ վատուժութիւն:ԼԱ 53.1

    Այս գրգռիչներուն շարունակական գործածութեան կը հետեւի գլխացաւ, անքնութիւն, սիրտի բաբախում, անմարսողութիւն, դողդղալ եւ ուրիշ շատ չարիքներ. որովհետեւ անոնք կը մաշեցնեն կեանքի ոյժերը: Յոգնած ջիղերը հանգիստի եւ անդորրութեան կը կարօտին փոխանակ գրգռութեան եւ չափազանց աշխատութեան: Բնութիւնը ժամանակի կը կարօտի վերստանալու համար իր սպառած ոյժերը: Երբ անոր ոյժերը խթանուին գրգռիչներու գործածութեամբ, ժամանակի մը համար աւելի գործ կը տեսնուի, բայց, մինչ մարմինը կը տկարանայ անոնց տեւական գործածութեամբ, աստիճանաբար աւելի կը դժուարանայ անոր ոյժերուն փափաքուած չափով ոգեւորուիլը: Գրգռիչներու խնդրանքը զսպելը աւելի կը դժուարանայ մինչեւ կամքը կը նուաճուի, եւ կը թուի թէ այլեւս կարողութիւն չի մնար մերժելու անբնական փափաքը: Զօրաւոր, եւ հետզհետէ աւելի զօրաւոր գրգռիչներ կը պահանջուին մինեւ որ սպառած բնութիւնը այլեւս չի կրնար հանդուրժել:ԼԱ 53.2

    Ծխախոտը դանդաղ, նենգաւոր, բայց ամենամահացու թոյն մըն է: Ինչ ձեւով ալ ո գործածուի, մարդկային կազմուածքին վրայ իր ազդեցութիւննը կը գործէ. եւ ալ աւելի վտանգաւոր է որովհետեւ իր արդիւնքները դանդաղ են եւ ի սկզբան հազիվ նշմարելի: Ան նախ կը գրգռէ եւ յետոյ կ’անդամալուծէ ջիղերը: Կը տկարացնէ եւ կը մթագնէ ուղեղը: Յաճախ ան աւելի հզօր կերպով կ’ազդէ ջիղերուն վռայ քան գինովցնող ըմպելին: Ան աւելի սմսեղուկ է եւ անոր հետեւանքները դժուար է բնաջնջել մարմնին մէջէն: Անոր գործածութիւնը կը գրգռէ ծարաւ մը զօրաւոր ըմպելիի համար, եւ շատ պարագաներու մէջ հիմը կը դնէ ոգելից ըմպելիներու մոլութեան:ԼԱ 54.1

    Ծխախոտի գործածութիւնը անպատեհ է, մեծածախս, կեղտոտ, ապականիչ`գործածողին համար եւ դժնդակ` շուրջիններուն: Ամէն տեղ կարելի է հանդիպիլ անոր մոլիներուն: Հազուադէպօրէն կ’անցնիք բազմութեան մը մէջէն ուր ծխողներ չփչեն իրենց թունաւորուած շունչըձեր երեսին: Անհաճոյ է եւ վատառողջական, մնալ կառախումբի մը, կամ սենեակի մը մէջ ուր մթնոլորտը բեռնաւորուած է ըմպելիի եւ ծխախոտի բուրումով: Թէեւ մարդիկ կը յամառին գործածելու այս թոյները իրենց ի վնաս, ի՞նչ իրաւունք ունին ապականելու օդը զոր ուրիշները պէտք է շնչեն:ԼԱ 54.2

    Տղոց եւ պատանիներու մէջ ծխախոտի գործածութիւնը մեծ վնաս կը գործէ: Անցեալ սերունդներու վատառողջ սովորութիւնները ',ազդեն այսօրուան տղոց եւ պատանիներուն վրայ: Մտային անկարողութիւն, ֆիզիքական տկարութիւն, խանգարուած ջիղեր, եւ անբնական փափաքներ ծնողներէ զաւակներու կը փոխանցուին իբրեւ ժառանգութիւն: Եւ նոյն սովորութիւնները, շարունակուելով զաւակներու կողմէ, ',աճեցնեն եւ կը մշտնջենաւորեն չար հետեւանքները: Փոքր չափով չէ որ այս պատճառին վերագրելի ֆիզիքական, մտաւոր եւ բարոյական վատթարացումը որ սկսած է այնքան վրդովում ազդել:ԼԱ 54.3

    Մանչեր կը սկսին ծխախոտ գործածել շատ փոքր տարիքէ: Այսպէս կազմուած սովորութիւնը, այնպիսի տարիքի մը մէջ երբ մարմին եւ միտք մասնաւորապէս ընդունակ են անոր հետեւանքներուն, հիմը կը փորէ ֆիզիքական զօրութեան, ',արգիլէ մարմինին աճումը, ',ընդարմացնէ միտքը, եւ ',ապականէ բարոյականը:ԼԱ 55.1

    Բայց ինչ կարելի է ընել սորվեցնելու համար, տղոց եւ պատանիներու, չար հետեւանքները սովորութեան մը որուն օրինակ կը հանդիսանան ծնողներ, ուսուցիչներ եւ քարոզիչներ: Փոքր մանչեր, հազիւ ուրեմն դուրս եկած երախայութենէ, կը տեսնուին ծխելու վրայ: Եթէ մէկը խօսի անոնց այս մասին, ',ըսեն, «հայրս կը գործածէ ծխախոտ»: Կը ցուցնեն քարոզիչը կամ կիրակնօրեայ դպրոցի վարիչը, եւ ',ըսեն, «Այսպիսի մարդ մը կը ծխէ.ինչ վնաս կայ ինձ համար ընելու ինչ որ ան ',ընէ»: Ժուժկալութեան դատին նուիրուած շատեր անձնատուր եղած են ծխախոտի գործածութեան: Այսպիսի անձեր ինչ կարողութիւն կրնան ունենալ կասեցնլու համար անժուժկալութեան յառաջադիմութիւնը:ԼԱ 55.2

    Կոչ ',ուղղեմ անոնց որ կը դաւանին հաւատալ եւ հնազանդիլ Աստուծոյ խօսքին: Դուք իբրեւ Քրիստոնեաներ կրնաք թոյլատրել սովորութիւն մը որ ',անդամալուծէ ձեր իմացականութիւնը, եւ կը կողոպտէ ձեզմէ յաւիտենական իրականութիւնները ճշդիւ գնահատելու կարողութիւնը: Կրնաք հաւանիլ ամէն օր կողոպտելու զԱստուած ծառայութենէն որ Անոր իրաւունքն է, եւ կողոպտելու ձեր նմանը թէ’ ծառայութենէն զոր անոր կրնաք մատուցանել եւ թէ’ անոր տրուած օրինակին զօրութենէն:ԼԱ 55.3

    Նկատողութեան առած էք ձեր պատասխանատութիւնը, իբրեւ Աստուծոյ տնտեսներ, ձեր ձեռքը գտնուած միջոցներուն համար: Տէրոջը դրամէն որքանը կը ծախսէք ծխախոտի համար: Հաշուեցէք թէ որքան դրամ այսպէս վատնած էք ձեր կեանքի ընթացքին; Այս ապականիչ ցանկութեամբ վատնած գումարը ինչպէս կը համեմատի այն գումարին հետ զոր տուած էք ի նպաստ աղքատներու եւ աւետարանին տարածման:ԼԱ 55.4

    Ոչ մէկ մարդկային էակ կը կարօտի ծխախոտի,բայց բազմութիւններ կորսուելու վրայ են չգոյութեանը համար այն դրամներուն որոնք ծխախոտի գործածութեան համար վատնուած են: Միթէ անհաւատարմութեամբ չէք գործածած զայն որ Տէրոջ կը պատկանէր: Միթէ գողութեամբ յանցաւոր չէք եղած Աստուծոյ եւ ձեր նմանին հանդէպ: Չէք գիտեր թէ «դուք ձեր անձին տէրը չէք. քանզի գնով ծախու առնուեցաք. ուստի փառաւորեցէք զԱստուած ձեր մարմիններուն ու հոգիներուն մէջ, որոնք Աստուծոյ են»: Ա. Կորնթ. 6:19, 20:ԼԱ 56.1

    «Գինին ծաղր ընող է, ու ցքին կռիւ հանող.
    Եւ ով որ անոնց անձնատուր ',ըլլայ, իմաստուն
    չ', ըլլար»:
    «Որուն է վայը. որուն է ոհը. որուն են կռիվները. որուն են տրտունջները.
    որո՞ւն են տրտունջները • որո՞ւն են աոանց պսւտ- ճառի վէրքերը. Որուն է աչքերու կարմրութիւնը:
    Գինիին քով մնացողներուն,
    Խառնած գինին փնտռելու գացողներուն:
    Մի նայիր գինիի կարմրութեանը,
    Գաւաթին մէջ իր գոյնը ցուցնելուն, ու շիտակ վա-
    զելուն:
    Անիկա ետքը օձի պէս կը խածնէ,
    Ու քարբի պէս կը խայթէ:»
    ԼԱ 56.2

    Առակ. 20:1 .23:29-32:ԼԱ 56.3

    Մարդկային ձեռքով երբեք չէ գծուած աւելի կենդանի պատկեր մը արբեցնող ըմպելիի զոհին նուաստութեանն եւ գերութեանը: Ստրկացած, անարգուած, նոյնիսկ սթափելով իր թշուառութեան գիտակցութեանը գալէ վերջ ան ոչ մէկ կարողութիւն ունի թակարդէն ազատելու. ան «զանիկա նորէն « պիտի փնտռէ: Առակ. 23:35:ԼԱ 56.4

    Փաստի պէտք չկայ ցուցնելու համար ոգելից ըմպելիներու գէշ արդիւնքները գինովին վրայ: Անզգայացած եւ ապուշ դարձած բեկորները մարդկութեան — հոգիներ որոնց համար Քրիստոս մեռաւ եւ որոնց վրայ հրեշտակները կը հեծեն — ամէն տեղ կը գտնուին: Անոնք բիծ մըն են մեր սնապարծ քաղաքակրթութեան վրայ: Անոնք ամօթն ու անէծքը եւ վտանգն են ամէն երկիրներու: ԼԱ 57.1

    Եւ ով կրնայ պատկերացնել խեղճութիւնը, տագնապն ու յուսահատութիւնը որոնք կը տիրեն գինովին տան մէջ: Խորհեցէ', ք կնոջը վրայ, յաճախ փափկօրէն մեծցուած, զգայուն, զարգացած, եւ բարեկիրթ, կապուած մէկու մը զոր ըմպելին փոխակերպած է գինովի մը կամ դեւի մը: Խորհեցէ', ք զաւակներուն վրայ, զրկուած ընտանեկան հանգստաւէտութիւններէ, դաստիարակութենէ եւ կրթութենէ, որոնք ',ապրին սարսափի մէջ անկէ որ պէտք էր ըլլար իրենց հպարտութիւնը եւ պաշտպանութիւնը, նետուած աշխարհին մէջ, կրելով ամօթի խարանը, յաճախ ժառանգական անէծքովը գինեմոլին ծարավին:ԼԱ 57.2

    Խորհեցէ’ք այն սոսկալի արկածներուն վրայ որոնք ամէն օր կը պատահին ըմպելիքի ացդեցութեան պատճառաւ: Կառախումբի պաշտօնեայ մը անհոգ կը գտնուի ուշադիր ըլլալու ազդանշանի մը, կամ սխալ կը մեկնէ հրաման մը: Կառախումբը կը շարունակէ երթալ. Բաղխում մը տեղի կ՛ունենայ , եւ շատ կեանքեր կը կորսուին: Կամ շոգենաւ մը կը խրի, եւ ճամբորդներ եւ նաւազներ իրենց գերեզմանը կ’ունենան ջուրերուն մէջ: Երբ խնդիրը կը քննուի, կը հասկցուի որ կարեւոր պաշտօնի վրայ եղող մէկը ըմպելիի ազդեցութեան տակ էր: Ինչպէս կարելի է վստահիլ մարդկային էակներու կեանքերը մէկու մը որ ըմպելիքի մոլութեան անձնատուր եղած է: ԼԱ 57.3

    Մարդիկ որոնք անբնական գրգռիչներու համար ախորժակ ժառանգած են իրենց ծնողներէն, երբեք պէտք չէ որ աչքի առջեւ կամ ձեռքի տակ ունենան գինի, գարեջուր կամ ոեւէ ոգելից ըմպելի, որովհետեւ ասիկա միշտ փորձութիւն մը կ’ըլլայ իրենց համար: Գալով քաղցր խնձորօղիին, շատեր անվնաս կը նկատեն զայն եւ առանց խղճահարութեան կը գործածեն : Բայց ան միայն կարճ ժամանակի մը համար քաղցր կը մնայ . յետոյ կը սկսի խմորուիլ: Բարկ համը որ ան այսպէս կը ստանայ , ալ աւելի փափաքելի կ’ընէ շատ քիմքերու , եւ գործածողը կը դժկամակի ընդունիլ թէ ան ծանրացած է , կամ խմորուած:ԼԱ 57.4

    Առողջութեան համար վտանգ կայ նոյնիսկ քաղցրահամ խնձորօղիի գործածութեան մէջ: Եթէ մարդիկ կարենային տեսնել թէ մանրադիտակը ի’նչ կը յայտնէ իրենց գնած խնձորօղիին նկատմամբ , քիչեր յօժարակամ պիտի ըլլային խմելու զայն: Անոնք որ շուկային մէջ ծախուելու համար խնձորօղի կը պատրաստեն , յաճախ անուշադիր կը գտնուին գործածուած պտուղին վիճակին մասին , եւ որդնոտած ու փտած խնձորներուն հիւթը կը հաւաքեն: Անոնք որ միտքէ իսկ պիտի չանցնէին թունաւոր , նեխած խնձորները գործածել ուրիշ ոեւէ կերպով , կը խմեն անոնցմէ շինուած խնձորօղին եւ պերճանք մը կ’անուանեն զայն . բայց մանրադիտակը կը ցուցնէ որ այս հաճելի ըմպելին , նոյնիսկ ճմլող մեքենայէն հազիւ դուրս եկած , բոլորովին անյարմար է գործածութեան: ԼԱ 58.1

    Գինովութիւնը այնքան իրապէս յառաջ կու գայ գինիէ , գարեջուրէ եւ խնձորօղիէ , որքան աւելի զօրաւոր ըմպելիներէ: Այս թեթեւ նկատուած ըմպելիներու գործածութիւնը ճաշակ կ’արթնցնէ աւելի զօրաւոր ըմպելիներու , եւ այսպէս կը հաստատուի մոլութիւնը: Չափաւորապէս խմելը դպրոցն է ուր մարդիկ կը վարժուին գինովութեան ասպարէզին : Այս մեղմ նկատուած ըմպելիներու գործը ա’յնքան նենգաւոր է որ զոհը , անդրադառնալէ առաջ իրեն սպառնացող վտանգին , արդէն իսկ գինովութեան պողոտան մտած կ’ըլլայ :ԼԱ 58.2

    Ոմանք որ երբեք իրապէս արբած չեն նկատուիր , միշտ այս մեղմ գինովութեան ազդեցութեան տակ են : Անոնք գրգռուած են , միտքով անհաստատ, անհաւասարակշիռ : Ինքզինքնին ապահով երեւակայելով , անընդհատ կը շարունակեն մինչեւ ամէն պատուար կը խորտակուի եւ ամէն սկզբունք կը զոհուի : Ամենազօրաւոր որոշումները հիմնայատակ կ’ըլլան , ամենաբարձր նկատումները անբաւական են նուաստացած ախորժակը պահելու բանականութեան հակակշռին տակ :ԼԱ 58.3

    Աստուածաշունչը ոչ մէկ տեղ կը նուիրագործէ արբեցնող գինիին գործածութիւնը : Գինին զոր Քրիստոս ջուրէն շինեց կանայի հարսանեկան խնճոյքի պահուն , խաղողի զուտ հիւթն էր : Ասիկա է «ողկոյզին վրայ գտնուող քաղցու»ն /նոր գինին/ որուն մասին Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ «ատիկա մի կորսնցներ , քանզի ատոր վրայ օրհնութիւն կայ»: Եսայի 65:8 :ԼԱ 59.1

    Քրիստոս էր որ , Հին Կտակարանին մէջ , տուաւ սա ազդարարութիւնը Իսրայէլի , «Գինին ծաղր ընող է , ու ցքին կռիւ հանող , եւ ով որ ասոնց անձնատուր կ’ըլլայ , իմաստուն չըլլար»: Առակ . 20:1 : Ան այսպիսի ըմպելի մը չհայթայթեց : Սատանան կը մղէ մարդը հաճոյամոլութեան որ կ’աղօտացնէ բանականութիւնը եւ կ’ընդարմացնէ հոգեւոր ըմբռնողութիւնը , բայց Քրիստոս մեզ կը սորվեցնէ նուաճել մեր ստորին հակումները : Ան երբեք մարդուս առջեւ չի դներ այն բանը որ փորձութիւն մը պիտի ըլլար : Անոր բոլոր կեանքը անձնուրացութեան օրինակ մըն էր : Ախորժակին ոյժը խորտակելու համար էր որ անապատին մէջ քառասնօրեայ ծոմապահութեան պահուն Ան մեզ համար կրեց ամենախիստ փորձը որ մարդկութեան կարելի ըլլար հանդուրժել: Քրիստոս էր որ տնօրինեց Յովհաննէս Մկրտիչին համար ոչ գինի խմել եւ ոչ ալ օղի : Քրիստոս էր որ նման պահեցողութիւն մը հրամայեց Մանուէլի կնոջ համար : Քրիստոս չի ժխտեց Իր ուսուցումները : Չխմորուած գինին զոր Ան հայթայթեց հարսանիքի հրաւիրեալներուն համար , առողջարար եւ կազդուրիչ ըմպելի մըն էր : Ա’յս է այն գինին որ գոր- ծածուեցաւ մեր Փրկիչին եւ Իր աշակերտներուն կողմէ առաջին Հաղորդութեան միջոցին : Ա’յս է այն գինին որ պէտք է միշտ գործածուի Հաղորդութեան սեղանին վրայ իբրեւ խորհրդանշան մը Փրկչին արեան : Այս սուրբ խորհուրդը սահմանուած է ըլլալ հոգեպարար եւ կենսատու : Անոր պէտք չէ մաս կազմէ բան մը որ կրնայ չարին ծառայել :ԼԱ 59.2

    Գինովութիւն պատճառող բաներու գործածութեան վերաբերմամբ Աստուածաշունչին եւ բնութեան ու բանականութեան ուսուցումներուն լոյսին մէջ Քրիստոնեաները ինչպէս կրնան զբաղիլ գայլուկի (*Տեսակ մը թոյս է որ գարեջուրի պատրաստութեան մէջ կր գործածուի: ) մշակութեամբ գարեջրաշինութեան համար , կամ գինիի եւ խնձորօղիի պատրաստութեամբ , ծախելու համար զանոնք շուկային մէջ : Եթէ անոնք կը սիրեն իրենց նմանը իրենց անձին պէս , միթէ կինան անոր առջեւ դնել այն բանը որ ծուղակ մը պիտի ըլլայ անոր : ԼԱ 60.1

    Անժուժկալութիւնը յաճախ տունէն կը սկսի : Ծանր եւ հակառողջապահիկ կերակուրներու գործածութեամբ մարսողական գործարանները կը տկարանան , եւ դեռ ալ աւելի գրգռիչ ուտելիքի համար փափաք մը կը ստեղծուի: Այսպէս ախորժակը կը մարզուի շարունակաբար պահանջելու աւելի զօրաւոր բան մը : Գրգռիչներու խնդրանքը աւելի յաճախադէպ կը դառնայ եւ դիմադրութիւնը աւելի դժուար : Մարմինը աւելի կամ նուազ կը լեցուի թոյնով , եւ որքան տկարանայ այնքան մեծ կ’ըլլայ այս բաներու համար փափաքը : Սխալ ուղղութեամբ առնուած միակ քայլ մը ճամբայ կը պատրաստէ ուրիշ քայլի մը : Շատեր , որ իրենց սեղանին վրայ գինի կամ ոեւէ տեսակ խմիչք դնելու յանցանքը չեն գործեր , կը բեռնաւորեն իրենց սեղանները ուտելիքներով որ զօրաւոր ըմ- պելիքի համար այնպիսի ծարաւ մը կը ստեղծեն որուն փորձութեան դիմադրելը գրեթէ անկարելի է : Ոտելու եւ խմելու սխալ սովորութիւնները կը քանդեն առողջութիւնը եւ ճամբայ կը պատրաստեն գինովութեան :ԼԱ 60.2

    Ժուժկալութեան ի նպաստ խաչակրութեան մը համար քիչ կարօտութիւն պիտի ըլլար եթէ ընկերութիւնը կազմող եւ ձեւակերպող երիտասարդութիւնը կարելի ըլլար տպաւորել ժուժկալութեան ուղիղ սկզբունքներով : Թող ծնողներ իրենց իսկ ընտանիքին մէջ սկսին անժուժկալութեան դէմ պայքարի մը , սկզբունքներուն մէջ զորս կը սորվեցնեն իրենց զաւակներուն անոնց հետեւելու մանուկ հասակէ , եւ կրնան յաջողութիւն յուսալ : ԼԱ 61.1

    Մայրերու համար գործ մը կայ օգնելու իրենց զաւակներուն որ կազմեն ուղիղ սովորութիւններ եւ մաքուր ճաշակ : Կրթեցէ’ք ախորժակը . սորվեցուցէ’ք ձեր զավակներուն գարշիլ գրգռիչներէ : Դաստիարակեցէ’ք ձեր զաւակները ունենալ կորով դիմադրելու զիրենք շրջապատող չարին : Սորվեցուցէ’ք անոնց թէ պէտք չէ որ զօրաւոր ազդեցութիւններու տեղի տան , այլ ուրիշներու վրայ բարի ազդեցութիւն գործեն : ԼԱ 61.2

    Մեծ ջանքեր եղած են յաղթելու անժուժկալութեան , բայց այդ ջանքերուն մեծ մասը ճիշդ կէտին ուղղուած չէ : Ժուժկալութեան ջատագովները պէտք է արթուն գտնուին հակառողջապահիկ կերակուրներու , համեմներու , թէյի եւ սուրճի գործածութեան չար հետեւանքներու մասին : Բոլոր ժուժկալութեան գործիչներուն յաջողութիւն կը մաղթենք . բայց կը հրաւիրեք զիրենք որ աւելի խորապէս քննեն պատճառը չարիքին որուն դէմ կը պայքարին , եւ վստահ ըլլան թէ հաստատակամ են բարեկարգութեան մէջ:ԼԱ 61.3

    Պէտք է միշտ ժողովուրդին առջեւ դրուի թէ` մտաւոր եւ բարոյական ոյժերու բուն հաւասարակշռութիւնը մեծաւ մասամբ կախում ունի ֆիզիքական դրութեան լաւ վիճակէն : Բոլոր թմրեցուցիչները եւ անբնական գրգռիչները որոնք կը տկարացնեն եւ կը խանգարեն ֆիզիքական բնութիւնը , կը ձգտին նուազեցնել իմացական եւ բարոյական կորողութիւնը : Անժուժկալութիւնը հիմը կը կազմէ աշխարհի բարոյական վատթարացման : Խոտործ ախորժակի անձնատուութեամբ մարդ կը կորսնցնէ փորձութեան դիմադրելու իր կարողութիւնը :ԼԱ 61.4

    Ժուժկալութեան բարեկարգիչները գործ մը ունին կատարելու այս ուղղութեամբ ժողովուրդը դաստիարակելու մէջ : Սորվեցուցէ’ք անոնց թէ առողջութիւնը , նկարագիրը եւ նոյնիսկ կեանքը կը վտանգուին գրգռիչներու գործածութեամբ , որոնք անբնական ու ջղաձգական գործի կը մղեն սպառած կորովները :ԼԱ 62.1

    Թէյի , սուրճի , ծխախոտի եւ ալքօլային խմիչքներու վերաբերմամբ միակ ապահով ընթացքն է չմօտենալ , չդիպչիլ եւ համը չառնել : Թէյի , սուրճի եւ նմանօրինակ ըմպելիներու ձգտումը նոյն ուղղութեամբ է ինչպէս է ալքօլաւոր խմիչքներունը եւ ծխախոտինը , եւ զանազան պարագաներու մէջ ասոնց ունակութիւնը այնքան դժուար է խորտակել որքան գինովին` հրաժարիլ արբեցութենէ : Անոնք որ կը ձեռնարկեն հրաժարիլ այս գրգռիչներէն , ժամանակի մը համար պակաս մը պիտի զգան , եւ պիտի նեղուին առանց անոնց : Բայց յարատեւութեամբ շարունակելով պիտի յաղթեն փափաքին եւ պիտի դադրին զգալէ պակասը : Բնութիւնը քիչ մը ժամանակ կը կարօտի ապաքինելու համար եղծումէն որուն ենթարկուած է . բայց առիթ տուէք անոր , եւ ան դարձեալ ինքզինքը պիտի գտնէ եւ վեհանձնօրէն եւ լաւ կերպով պիտի կատարէ իր գործը :ԼԱ 62.2

    Larger font
    Smaller font
    Copy
    Print
    Contents